2012-11-07 12:55:49

Վատիկանի Արտգործ Նախարարի Միջամտութիւնը Ինթերփոլ` Միջազգային Ոստիկանութեան Համագումարին։


Վատիկանի արտգործ նախարար` գերապայծառ Մանպերթին խօսք առնելով Միացեալ ազգերու ոստիկանութեան ընդհանուր ժողովի 81-րդ նիստին, շեշտեց կարեւորութաեն` աշխատելու բռնարարքներու կանխատեսութեան ի խնդիր դաստիարակութեան միջոցաւ։
Ներշնջուելով նիստի բնաբանէն` ''ոստիկանութիւնը յաչս ժամանակակից քրէական բռնութիւններու մարտահրաւէրին'' Վատիկանի դիւանագէտը ընդգծեց բարոյական պարտականութիւնը ստեղծելու այն պայմանները որպէսզի բռնութիւնը չի կարողանայ ծնունդ առնել ու ծաւալիլ։
Անոնք որոնք կը գործեն հանրային անվտանգութեան հաստատութիւններու շրջագիրծէն ներս` ինչպէս է ոստիկաններու պարագան, քաջատեղակ են որ քաղաքացիները չարագործութեան առաջին թշնամիներն են, հետեւաբար քաղաքացիներու ու ոստիկանութեան միջեւ ստեղծուելու է համաձայնութիւն ու զօրակցութիւն լաւագոյնս հակազդելու ու պայքարելու չարագործութեան դէմ։
Այս ուղղութեամբ Վատիկանի ներկայացուցիչը մատնանշեց որ դաստիարակութիւնը հիմնական դեր մը կարող է կատարել կանխատեսելու ոճրագործութիւնը, առանց որու անկարելի կը թուի ունենալ ընկերութիւն մը որ կառչած ըլլայ հիմնական արժէքներու վրայ ու կարող դիմադրելու քրէական մարտահրաւէրներուն։
Միացեալ ազգերու ոստիկանութեան ընդհանուր ժողովին աւարտին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը 9 նոյեմբերին յատուկ ունկնդրութիւն կը շնորհէ ոստիկանութեան համագումարին շուրջ 800 մասնակիցներուն։
Նշենք որ Վատիկան Պետութիւնը միջազգային ոստիկանութեան 187-րդ անդամը դարձաւ 7 հոկտեմբեր 2008-ին։
Ինթերփոլ` Միջազգային ոստիկանութեան աթոռը կը գտնուի Լիոն, անոր նպատակն է պետութիւններու միջեւ ստեղծել ոստիկանական համակարգում ու գործակցութիւն։ Ներկայիս Ինդերփոլին մաս կը կազմեն 190 պետութիւններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.